2017-04-28 20:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 28 ապրիլի թուիթները `''Ապագան կախեալ է նաեւ կրօններու միջեւ հանդիպումէն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 28 ապրիլ 2017-ին, Եգիպտոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ նախ քան Ալ Ազհարի Աւագ Իմամին հետ ունենալիք հանդիպումը  հրապարակեց թուիթ մը,  որուն մէջ անհրաժեշտ նկատեց միասին ընթանալ այս առընչութեամբ ընդգծելով կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ հանդիպումներու կարեւորութիւնը։   

՝՝Կանչուած ենք միասնաբար ընթանալու այն համոզումով, որ բոլորին ապագան կախեալ է նաեւ  կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ հանդիպումէն՝՝։ Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։     

Մինչ երկրորդ թութին մէջ Սրբազան Հայրը  հրաւիրեց   Տիրոջմէ հայցել,  վերստին մեկնելու որպէս հաղորդութեան ուխտաւորներ։ 

Թող Տէրը մեզի շնորհէ այսօր՝ կրկին  մեկնելու, որպէս հաղորդութեան ուխտաւորներ եւ խաղաղութեան աւետողներ։. գրեց Սրբազան Հայրը իր  երկրորդ թուիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.